ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

 

ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔ

 

Հաղորդուիլ կը նշանակէ բանի մը մասնակից, կամ կցորդ ըլլալ, այսինքն՝ միանալ. իսկ հոս՝ կը նշանակէ խորհրդաբար միանալ Յիսուս Քրիստոսի, ճաշակելով Սուրբ Սեղանէն։ Հաղորդ կամ հաղորդութիւն կը նշանակէ նաեւ Սուրբ Սեղանի վրայ օրհնուած եւ պատարագուած հացն ու գինին։

 

Հացով եւ գինիով Յիսուս Քրիստոսի մարմնին եւ արիւնին խորհուրդն է, որ հաստատուեցաւ նոյնինքն Քրիստոսի կողմէ իբրեւ հոգեւոր սնունդ Քրիստոնեայ հաւատացեալներուն։

 

Պասեքի կամ Զատիկի ընթրիքի սեղանին շուրջ բոլորուած էին ինքը Քրիստոս եւ իր տասներկու աշակերտները։ Ըստ հրէական օրէնքին՝ սեղանին վրայ կար բաղարջ (անխմոր հաց), անապակ գինի եւ խորոված գառնուկ մը։ Քրիստոս այս սեղանին վրայ նախ հացը առաւ իր ձեռքը, օրհնեց զայն, կտրեց եւ տուաւ իր աշակերտներուն եւ ըսաւ. «Առէք կերէք, այս է իմ մարմինս». յետոյ գինիին բաժակը առաւ իր ձեռքը, գոհացաւ եւ տուաւ անոնց, ըսելով. «Բոլորդ խմեցէք ասկէ, քանի ասիկա է նոր ուխտի իմ արիւնս, որ շատերու սիրոյն կը թափուի՝ մեղքերու թողութեան համար»։

 

Հացը կը մնայ հաց եւ գինին՝ գինի իրենց տեսքով եւ որակով. բայց Յիսուս Քրիստոսի խօսքին համեմատ անոնք իրենց գոյացութեան մէջ խորհրդաբար կ՚ըլլան անոր մարմինը եւ արիւնը։ Ուրիշ խօսքով, մեր զգայարաններուն համար հացը հա՛ց է եւ գինին՝ գինի՛. բայց իբրեւ քրիստոսնեայ կը հաւատանք մեր Փրկչին խօսքերուն, թէ իր մարմինն ու արիւնն են անոնք. եւ ա՛յս է խորհուրդը արդէն։

 

Պօղոս առաքեալ այս մասին շատ յստակ ձեւով կ՚ըսէ. «... կը լսեմ որ Տէրունի Ընթրիքին համար ձեր հաւաքոյթներու ընթացքին ձեզմէ իւրաքանչիւրը սկիզբէն ընթրիքին վրայ կ՚իյնայ, այնպէս որ ոմանք անօթի կը մնան, իսկ ուրիշներ կը գինովնան։ Ատիկա Տէրունի Ընթրի՞ք եղաւ։ Ուտել-խմելու համար դուք ձեր տուները չունի՞ք...։ 

Ես Տիրոջմէ առի ինչ որ ձեզի աւանդեցի, թէ Տէր Յիսուս իր մատնութեան գիշերը հաց առաւ, Աստուծոյ գոհութիւն յայտնեց, կտրեց զայն եւ ըսաւ. “Ասիկա իմ մարմինս է, որ ձեզի համար կը բաշխուի։ Ասիկա կատարեցէք զիս յիշելու համար”։ Ընթրիքէն ետք նոյն ձեւով բաժակը առաւ եւ ըսաւ. “Այս բաժակը Աստուծոյ Նոր Ուխտն է, որ իմ արիւնովս կը կնքուի։ Ասիկա կատարեցէք միշտ, եւ ամէն անգամ որ անկէ խմէք՝ զիս յիշեցէք”։ Հետեւաբար, ամէն անգամ որ այս հացը կ՚ուտէք եւ բաժակէն կը խմէք, Տիրոջ մահը կը պատմէք, մինչեւ իր երկրորդ գալուստը։ Այսուհետեւ՝ ո՛վ որ անարժանութեամբ ուտէ այս հացը կամ խմէ Տիրոջ բաժակէն, Տիրոջ մարմինին եւ արեան դէմ մեղանչած կ՚ըլլայ։ Ուստի ամէն մարդ նախ ինքզինքը թող քննէ եւ ապա միայն այս հացէն ուտէ եւ բաժակէն խմէ, որովհետեւ ով որ անարժանութեամբ կ՚ուտէ եւ կը խմէ՝ այդ ուտելովն ու խմելովը ինքզինք դատապարտութեան կ՚ենթարկէ, քանի որ զանազանութիւն չի դներ սովորական հացին եւ Տիրոջ մարմինին միջեւ։ Այս է ահա պատճառը, որ ձեր մէջ բազմաթիւ հիւանդներ ու ցաւագարներ կան եւ բազմաթիւ են նաեւ անոնք՝ որ նոյն պատճառով մեռան։ Եթէ երբեք մենք մեզ քննէինք, չէինք պատժուեր։ Իսկ եթէ կը պատժուինք, Տէրը այդ ձեւով կը խրատէ մեզ, որպէսզի չըլլայ որ աշխարհի հետ միասին դատապարտուինք։»

 

Ինչպէս որ աղօթքը կը սրբէ մեզ եւ կը մօտեցնէ Աստուծոյ, այնպէս ալ երբ մենք կը հաղորդուինք Փրկչի մարմնին եւ արիւնին, կը սրբուինք եւ կը նմանինք Անոր, որ մարդիկը փրկելու համար մեղքի ապականութիւններէն, խաչի վրայ թափեց իր մաքուր արիւնը։ Եւ կը զգուշանանք մեղքերէ, մտածելով որ մեղքը կը խափանէ մեր հաղորդութիւնը Սուրբին եւ Սրբութեան հետ։ Գրիգոր Տաթեւացին կ՚ըսէ. «Այս խորհուրդին գործն է աւելցնել Շնորհքը եւ դեղ ըլլալ ամենօրեայ մեղքերու»։ Այս է պատճառը որ Քրիստոսի չարչարանքները պիտի յիշենք հաղորդուելով։ Իսկ Յովհաննէս Մանդակունի Հայրապետը կ՚ըսէ. «Անոնք որ հաւատքով եւ երկիւղածութեամբ կը մօտենան Քրիստոսին, կը լուսաւորուին Սուրբ Հոգիով եւ օրէ օր առաքինի գործերով վեր կը բարձրանան»։

 

Առաքելական ժամանակներուն, ամէն Կիրակի հաւատացեալներ կը հաւաքուէին Տէրունի ընթրիքի համար։ Իսկ Եկեղեցւոյ կազմակերպութեան առաջին շրջաններուն՝ ամէն օր պատարագ կը մատուցուէր եւ հաւատացեալները հաղորդութիւն կ՚առնէին։ Այս սովորութիւնը պահուած է Լատին Եկեղեցւոյ մէջ։ Մեր Եկեղեցւոյ մէջ ալ առաջ ամենօրեայ էր պատարագը, հիմա Կիրակի օրերուն կը մատուցուի ան, ինչպէս նաեւ տօնական մասնաւոր օրերու եւ ուրիշ առիթներու։ Ներկայիս սովորութիւն եղած է հայոց մօտ Հինգ Տաղաւար տօներուն եւ մանաւանդ Ս. Ծնունդի եւ Ս. Զատկուան տօներուն հաղորդութիւն առնել։

 

Հաղորդութիւն առնելէ առաջ, նախ, Առաքեալի ըսածին պէս, ամէն մարդ պէտք է քննէ ինքզինքը, թէ ի՛նչպիսի կեանք մը կ՚ապրի, ի՛նչ մեղքեր ըրած է, որոնք պարտքի տակ դրած են զինք եւ հեռացուցած աստուածային սրբութենէն։ Այս ինքնաքննութիւնը ընելէ յետոյ, պէտք է զղջայ, խոստովանի եւ պատրաստուի պահքով եւ աղօթքով, կեդրոնացնելու համար իր ամբողջ ուշադրութիւնը Յիսուս Քրիստոսի եւ աստուածային բաներու վրայ, դարձեալ չմեղանչելու դիտումով ապա՝ հաղորդուի։

 

Պատարագ բառը այլեւայլ իմաստ ունի, կը նշանակէ զոհ, նուէր, ընծայ, եւ այլն։ Ստուգանաբանօրէն կը նշանակէ նաեւ հայս (խմոր)։ Իսկ իր ծանօթ իմաստով, կը նշանակէ Քրիստոսի մարմնին եւ արիւնին խորհդականացման արարողութիւնը։ Ասոր համար է որ խորհուրդը կատարող պաշտօնեան ալ կը կոչուի պատարագիչ, ինչպէս որ մկրտութեան խորհրդակատարն ալ կը կոչուի մկրտիչ։

 

Անոնք որոնք չեն մկրտուած, չե՛ն կրնար հաղորդուիլ։ Հաղորդուողը պէտք է ըլլայ քրիստոնեայ հաւատացեալ, հաւատարիմ իր եկեղեցւոյ դաւանանքին ու կարգուկանոնին։

 

Հին ատեններ, պատարագի երկրորդ մասին մէջ, եկեղեցւոյ գաւիթը կը հանէին չմկրտուածները (երախայ), թերահաւատները, ապաշխարողները, անմաքուրները, երբ սարկաւագը կ՚ազդարարէր. «Մի՛ ոք յերախայից, մի՛ ոք ի թերահաւատից, մի՛ ոք յապաշխարողաց եւ յանմաքրից մերձեսցի յաստուածային խորհուրդս»։ Ասկէ կը հետեւի թէ կարելի չէ աստուածային խորհուրդին մօտենալ, առանց պատրաստութեան եւ առանց լրացնելու կանոնական պայմանները։

 

Արդէն ըսինք վերեւ, թէ ինքնաքննութիւն, զղջում, ապաշխարութիւն, խոստովանութիւն անհրաժեշտ պայմաններ են, որոնց կը հետեւի նաեւ բարեգործութիւն. վասն զի մեղանչող մարդը անպատճառ չարիք մը կամ վնաս մը հասցուցած կ՛ըլլայ իր նմաններուն, պէտք է հատուցանել եւ դարմանել զայն բարեգործութեամբ։ Եւ վերջապէս պահք եւ ծոմ պէտք է բռնել հաղորդուելէ առաջ, ըստ մեր նախնեաց բարեպաշտիկ աւանդութեան, որ շատ բարեդէպ եւ շատ շինիչ աւանդութիւն մըն է։

 

Պատարագիչն ալ պարտաւոր է միեւնոյն պատրաստութիւնները ունենալու՝ աւելի ուշադրութեամբ եւ խստութեամբ։ Մեր Եկեղեցին շա՜տ հին եւ ընդհանրացած սովորութիւններ ունի պատարագիչներու պատրաստութեան համար. այսպէս, պատարագիչ քահանաներ պէտք է եկեղեցւոյ խուցերուն մէջ գիշերեն պատարագի շաբթուն, առտու իրիկուն անխափան ներկայ գտնուին ժամերգութեան, պահք բռնեն, հոգեւոր ընթերցանութեամբ եւ աղօթքով զօրանան, մաքուր մարմնով եւ սրբասուն խղճմտանքով ելլեն Սուրբ Սեղան մեծ խորհուրդը կատարելու համար։

 

Շնորհալի Հայրապետին պատուէրը՝ պատարագիչ քահանաներուն ուղուած հետեւեալն է. - «Մաքուր հոգիով, սուրբ սրտով, անարատ հաւատքով, մեծ յոյսով, պարզ մտքով, ահ ու դողով սպասաւորեցէ՛ք աստուածային խորհուրդին։ Ինչպէս որ ջուրը խողովակէն կ՛անցնի, դուք ալ այնպէս չանցնիք ձեր ըրած աղօթքներու խորհրդաւոր խօսքերուն մէջէն. ըլլա՛յ Սաղմոսի, ըլլա՛յ ընթերցուածներու, ըլլա՛յ պաշտօներգութեան, ըլլա՛յ սուրբ պատարագի քահանայական աղօթքներուն եւ այլն. այլ լա՛ւ հասկնալով, եւ եթէ կարելի է նոյնիսկ արցունքով եւ երկիւղածութեամբ, իբրեւ թէ դուք ձեր միտքէն եւ սրտէն նոր կը բղխեցնէիք զանոնք»։

 

Մեր Եկեղեցւոյ մէջ պատարագը կը մատուցուի լաւ մտածուած ծրագրով եւ շատ վայելուչ ու խորհրդաւոր հանդիսաւորութեամբ։ Հոգենորոգ սաղմոսներ եւ աղօթքներ, հոգեզմայլ երգեր, պարտ ու պատշաճ զգեստաւորում, ջահավառութիւն, խնկարկութիւն եւ բոլոր հաւատացեալներու սրտագին ու երկիւղած մասնակցութիւնը արարողութեան, լռին եւ ձայնաւոր հետեւողութեամբ։

   

Պատարագը Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ մէջ հաստատուած վաղեմի կանոններու եւ սովորութեան համեմատ կատարելու համար երեք էական պայմաններ կան.

ա) Ձեռնադրեալ եւ օծեալ պաշտօնեայ.

բ) Հաց ու գինի.

գ) Աղօթք։

 

Սուրբ պատարագը կը մատուցուի հաւատացեալներուն պատկառանքովը եւ երկիւղածութեամբը լեցուած մթնոլորտի մը մէջ։ Ո՛չ մէկ շշուկ եւ փսփսուք, ո՛չ մէկ երթեւեկ, վերջապէս ո՛չ մէկ օտար շարժում եւ ձայն, բացի արարողութիւնը կատարողներու ձայնէն եւ շարժումէն։ Բոլոր հաւատացեալները, աշխարհական թէ եկեղեցական, իրենց միտքը եւ խորհուրդը կեդրոնացնելու են աստուածային խորհուրդին եւ անսայթաք հետեւելու են աղօթքներուն եւ երգերուն։

 

*Այս բացատրութիւնը, խմբագրուած կայքէջին կողմէ՝ առնուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Բաբգէն Կիւլէսէրեանի “Քրիստոնէական” գրքի Դ. տպագրութենէն, 1971, Անթիլիաս։