Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ «ԴՐՕ եւ ԱՆՆԱ ՓԻԼԻԿԵԱՆ» ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

ՆՊԱՏԱԿ

 

+ Հայեցի դաստիարակութիւն փոխանցել օտար դպրոցներ յաճախող հայ աշակերտներուն։

 

ՊԱՏՄԱԿԱՆ

 

+ Ս. Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ Վարժարանը Մոնթրէալի առաջին հայ կրթական հաստատութիւններէն մէկն է։

+ Հիմնուած է 1958-ին, 35 աշակերտներով, երբ եկեղեցին կը գտնուէր Սէն Զոթիկ փողոցին վրայ։

+ Այժմ դասաւանդութիւնները կը կատարուին Ս.Յակոբ ամէնօրեայ վարժարանի շէնքէն ներս։

 

ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

 

+ Աշակերտութեան տարիքը 5-էն մինչեւ 17 տարեկան է, ծաղիկ դասարանէն մինչեւ 11-րդ կարգ։

+ Աշակերտութեան թիւը 100-էն վեր եղած է անցեալին, իսկ վերջին մի քանի տարիներուն՝ շուրջ 45։

+ Շաբաթօրեայ Վարժարանին մէջ կը պաշտօնավարեն 9 հոգիներ որոնց 6-ը ուսուցիչ -ուսուչուհի, համապատասխան աշակերտութեան թիւին, երաժշտութեան ուսուցիչ, տնօրէնը եւ քարտուղարուհի մը։

+ Կը դասաւանդուին հայերէն լեզու, հայոց պատմութիւն, կրօնք եւ հայ գրականութիւն. գիտելիքներ կը տրուին նաեւ հայ մշակոյթի, աւանդութեանց եւ տօներու մասին։

+ Երկրորդական բաժնի աշակերտներուն կը տրուի կառավարական արժեկէտ (credit)։

+ Շաբաթօրեայ վարժարանի շրջանաւարտներէն կարեւոր թիւ մը գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Մոնթրէալահայ կազմակերպութիւններէ ներս։

 

ԵԿԱՄՈՒՏԻ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ

 

+ Ս. Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւն,

+ Ծնողներու վճարումներ,

+ Նուիրատուութիւններ։

 

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել՝

 

Հեռաձայն՝ 514 332 5935

Հեռապատճէն՝ 514 331 8552

Ե-Նամակ՝ direction@ecoledusamedisourphagop.com