ՏՕՆ՝ ՍՈՒՐԲ ՄԵՏՐՈՓԱՆՈՍ եւ ԱՂԵՔՍԱՆԴՐՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ

ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 
ԳՐԱԾ ՆԱՄԱԿԷՆ 
13.7-9


Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը բերին ձեզի։ Նայեցէ՛ք թէ ինչպէս ապրեցան եւ ի՛նչպէս մեռան անոնք, եւ օրինակ առէք անոնց հաւատքէն։ Յիսուս Քրիստոս նո՛յնն է միշտ, երէկ այսօր եւ յաւիտեան։
Տեսակ-տեսակ օտարոտի ուսուցումներէ մի՛ տարուիք։ Լաւ է որ սիրտը Աստուծոյ շնորհքովը ամրապնդուի, քան՝ ուտելիքներու եւ չուտելիքներու վերաբերող կանոններով, որոնց հետեւողները ոեւէ բանով չօգտուեցան։

 

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ
4.23-25


Յիսուս Գալիլիոյ բոլոր կողմերը շրջելով՝ ժողովարաններուն մէջ կ՚ուսուցանէր, Աստուծոյ արքայութեան Աւետարանը կը քարոզէր եւ ժողովուրդը կը բժշկէր բոլոր ցաւերէն ու հիւանդութիւններէն։ Իր համբաւը ամբողջ Սուրիայի մէջ տարածուեցաւ։
Մարդիկ իրեն բերին բոլոր այն հիւանդները, որոնք կը տառապէին զանազան ցաւերէ եւ բարդութիւններէ, ինչպէս նաեւ դիւահարներ, լուսնոտներ, անդամալոյծներ, եւ Յիսուս բժշկեց զանոնք։ Մեծ բազմութիւններ, որոնք եկած էին Գալիլեայէն, Դեկապոլիսէն, Երուսաղէմէն, Հրէաստանէն եւ անդր Յորդանանէն, հետեւեցան իրեն։